2014-02-28 09:39:23

Մէկ տարի առաջ վերջ գտաւ Վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայապետութեան շրջանը։


''Պարզ ուխատաւոր մը` հասած իր վերջին հանգրուանին''։
28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, ի զօրու կը դառնար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան վսատակաւոր Քահանայապետի, 11 փետրուար 2013-ի ներկայացուցած հրաժարականը ։
Վաստակաւոր Քահանայապետի վերջին օրը յատկանշուեցաւ հրաժեշտի յուզումնալից պահերով։ Պենետիկտոս ԺԶ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Կարտինալական դասին հետ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու ''յարգանք եւ հնազանդութիւն՝՝ խոստանալով իր յաջորդին։
Իսկ երեկոյեան ժամը 5-ին Ան` ուղղաթիռով փոխադրուեցաւԳասդէլկանտոլֆոյի ամարանոց ուր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը դիմաւորեց զինք վերջին հրաժեշտի համար։
Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր հակիրճ եւ անպատրաստից խօսքին մէջ, ակնարկելով իր քահանայապետութեան վերջին օրուան ըսած էր. ''այսօրուընէ կը դառնամ պարզ ուխատաւոր մը հասած իր կեանքի վերջին հանգրուանին։ Սակայն կ՛ուզեմ բոլոր սրտովս, ամբողջ սիրովս, իմ աղօթքներովս, խորհրդածութեամբ, եւ ներքին բոլոր ուժերովս աշխատիլ` Եկեղեցւոյ եւ մարդկային հասարակաց բարիքին համար''։
Ասոնք եղան խոնարհ ու վեհանձն քահանայապետի վերջին խօսքերը, 7 տարի 10 ամիս եւ 9 օր տեւող քահանայապետութեան աւարտին։

Պենետիկտոս ԺԶ. յաջորդելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացաւ կարտինալներու դասի կամքով` 19 ապրիլ 2005-ին եւ 8 տարի ամբողջ մեծ քաջութեամբ ու նուիրումով կառավարեց տիեզերական եկեղեցին` դիմագրաւելով եկեղեցւոյ կեանքին հայող ծանր հարցեր, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը ''աննախադէպ որոշում մը եղաւ''` տրուած ըլլալով որ քահանայապետի մը հրաժարականի վերջին դէպքը տեղի ունեցած էր 1415-ին` Կրէկուար ԺԲ քահանայապետի հրաժարականով։

Սուրբ Աթոռի բանբերը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, մամուլին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծած էր թէ ''Պենետիկտոս ԺԶ-ի այս որոշումը «մեծ քաջութեան» եւ «վճռականութեան» ցուցանիշ է եւ թէ` Սրբազան Քահանայապետի յայտարարութեամբ, ''կենսունակութեան նուազեցումն'' է որ զինք մղած է առնելու այս քայլը ''եկեղեցւոյ բարիքին համար''։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուցած հրաժարականին ի լուր, աշխարհի բոլոր կողմերէն, եկեղեցական, քաղաքական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան իշխանութիւններ զարմանքի առաջին արտայայտութիւններէ ետք, երախտագիտկան խօսքեր ուղեցին Սուրբ Պետրոսի վաստակաւոր յաջորդին, եկեղեցւոյ ի սպաս Անոր տարած գնահատելի եւ վեհանձն աշխատանքին ու նաեւ վերոյիշեալ կարեւոր ու իմաստալից որոշումին ի տես։
Իր հրաժարականը ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կարտինալական դասին ըսած էր ` ''Եկեղեցին վստահինք անոր Գերագոյն Հովիւին` Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ու հայցենք Անոր Մօր Մարիամէն` որ իր Մայրական բարութեամբ, ընկերանայ Կարտինալ Հայրերուն, ընտրելու` նոր Քահանայապետ մը''։ Արդարեւ 13 Մարտ 2013-ին Տեզերական Եկեղեցին ունեցաւ իր նոր Քահանայապետը` Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.